Haigazian University

Հայկազեան Համալսարանի Շրջանաւարտից Հանդէս

Jul, 13
Հայկազեան Համալսարանի Շրջանաւարտից Հանդէս

Քրիսթինա Լասըն. «Իբրեւ Եւրոպական Միութիւն, կը ձգտինք շարունակել մեր համագործակցութիւնը Լիբանանի հետ, յատկապէս անոր կայունութեան, անվտանգութեան, բարգաւաճման եւ տնտեսական զարգացման մարզերուն մէջ

Ուրբաթ, 30 Յունիս 2017-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի  շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի շրջանաւարտներու 57-րդ հունձքի վկայականաց բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը, ուր 136  ուսանողներ ստացան իրենց աւարտական վկայականները: Յաջողութեան բերկրանքին խառնուած էր հուզմունքը հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ուսանողները անցուցած են իրենց կեանքի ամէնէն հաճելի պահերը:

Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որ կը ներկայացնէր Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ կը ներկայացնէր Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրին, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրին կը ներկայացնէր կիներու հարցերու նախարար Ժան Օղասապեանը: Ներկայ էին նաեւ երեսփոխաններ Պասըմ Շապը եւ Շանթ Չինչինեանը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարութեան, քաղաքապետութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր ու ծնողներ:

Շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ միասին  ուղղուեցան բեմ, որմէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի աղօթքի պաշտօնական բացումը:

Ելոյթ ունցեաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ եւ բարձր գնահատեց ծնողներուն կատարած զոհողութիւնները, ջանքերն ու նուիրուածութիւնը:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան ընդգծեց կրթութեան հիմնական կարեւորութիւնը, ըսելով. «Այս յարափոփոխ ժամանակաշրջանին կրթութեան նպատակը հիմնուած է մարդկութեան զարգացման վրայ, ոչ միայն ակադեմական ծրագիրներու միջոցով, այլեւ՝ հոգեւոր դաստիարակութեան, անոր ընդմէջէն հոգեկան բարձրագոյն ուսուցման եւ նոր սերունդներու տեսլականը ձեւաւորելու միջոցով»: Ան հրաւիրեց շրջանաւարտները ուղղուելու դէպի ապագայ, առանց երբեք վախնալու ապագայի անորոշութիւններէն, ուր ասպարէզ նետուող ուսանողը իր ներդումն ու դրոշմը պիտի ունենայ:

Օրուան պատգամը տուաւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասըն, որ կեդրոնանալով Հայկազեան համալսարանի «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն» նշանաբանին վրայ, ըսաւ, որ ատիկա նաեւ Եւրոպական Միութեան հաւատացած եւ ներշնչող արժէքներուն մաս կը կազմէ:

Անդրադառնալով համալսարանի նշանաբանի իւրաքանչիւր բաժնին, դեսպան Լասըն ըսաւ. «Ճշմարտութիւն է, որ այս սերունդը իր բարյրագոյն ուսումը կ’աւարտէ տարածաշրջանային ծանր պայմաններու մէջ, սակայն անոնք զինուած են այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցներով», հաստատելով, որ տարածաշրջանը պիտի կարենայ բարգաւաճիլ եւ յառաջդիմել, շնորհիւ ուսանող նոր սերունդին:

Ընդգծելով ազատութեան կարեւորութիւնը մարդուն կեանքին մէջ, դեսպան Լասըն ըսաւ, որ բաղդատելով շրջանի այլ երկիրներու հետ, ան Լիբանանը կը նկատէ ազատութիւններու երկիր եւ կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն պաշտպանելու բոլոր տեսակի ազատութիւնները:
Խօսելով Հայկազեան համալսարանի նշանաբանի վերջին բաժնին մասին, դեսպան Լասըն շեշտեց, որ ծառայութիւնը կը մնայ կեանքի հիմնական նպատակ, յորդորելու շրջանաւարտները ծառայելու իրենց համայնքներուն, հայրենիքին եւ ամբողջ աշխարհին: Նոյն ծիրին մէջ դեսպան Լասըն ըսաւ. «Իբրեւ Եւրոպական Միութիւն, կը ձգտինք շարունակել մեր համագործակցութիւնը Լիբանանի հետ, յատկապէս անոր կայունութեան, անվտանգութեան, բարգաւաճման եւ տնտեսական զարգացման մարզերուն մէջ»:

Եզրափակելով իր խօսքը, դեսպան Քրիսթինա Լասըն համալսարանի «Ճշմարտութիւն, ազատութիւն եւ ծառայութիւն» ջամբող արժէքներուն վրայ աւելցնելով մատնանշեց քաջութեան եւ նուիրուածութեան կարեւորութիւնը՝ յաջողութիւններու հասնելու համար:

Հանդիսութեան ընթացքին շրջանաւարտներուն անունով խօսք առին Անժի Քիւրէճեան եւ Ռապիհ Ռիման, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ծնողներուն, համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսական կազմին եւ ընկերներուն՝ անոնց անսակարկ օժանդակութիւններուն համար:

Աւարտին Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, տեսուչներ՝ դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմէքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԵԱՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով: