Haigazian University

«Իրաքի Հայերը» Գիտաժողովը

Jun, 08
«Իրաքի Հայերը» Գիտաժողովը

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Իրաքի Հայերը» գիտաժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:
Երկուշաբթի, 29 Մայիս 2017ի առաւօտեան պաշտօնական բացման հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի եւ Իրաքի Հայոց Առաքելական թեմերու առաջնորդներ Գերշն. Շահէ Սրբ. Փանոսեան եւ Գերշն. Աւագ Արք. Ասատուրեան, Գերյարգելի Գէորգ Եպս. Ասատուրեան` Օգն. Եպս. Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դր. Փօլ Հայտօսթեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՀ Ազգային Արխիւի տնօրէն Դր. Ամատունի Վիրապեան, Սփիւռքի Նախարարութեան ներկայացուցիչներ, Իրաքի Առաջնորդարանի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Սարգիս Չոլաքեան, իրաքահայ հիւրեր, կուսակցութեանց եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, լիբանահայ մամուլի պատասխանատու խմբագիրներ, լիբանահայ մշակութային դէմքեր, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներ:
Կեդրոնի տնօրէն Դր. Անդրանիկ Տագէսեան իր բացման խօսքին մէջ բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նշեց, թէ «Հայկական Լեռնաշխարհին փոխյարաբերութիւնները Միջագետքի հետաւելի հին են քան` Միջին Արեւելքի որեւէ այլ տարածքի: 12րդ դարէն սկսեալ … ներքին օրինաչափութիւններով եւ արտաքին ազդակներով շեշտաւորուած հայկական կեանք մը կը վերընձիւղի ժամանակակից Իրաքի տարածքին: Իսկ այս գիտաժողովը իմիջի այլոց կը միտի ոչ միայն լուսարձակի տակ առնել Իրաքի հազարամեայ հայօճախը, այլեւ մեզ հրաւիրել առաւել ուշադրութեամբ մօտենալու, խորհրդածելու եւ մանաւանդ գործելու՝ շրջանի հայութեան անցեալի, ներկայի եւ գալիքի կենսագործունէութեան եւ դերին մասին: Ամբողջ Միջին Արեւելքը ունի շուրջ հազարամեայ հայկական նպաստի եւ բերքի արմատներ ու անհրաժեշտ է այս փաստը վերածել շօշափելի սոֆթ փաուըրի՝ յանուն հայ-արաբ բարեկամութեան, բարի դրացնութեան, արդիւնաւէտ գործակցութեան»: Դր. Տագէսեան համառօտ տեղեկութիւններ տալով գիտաժողովի ծնունդին, կազմակերպումի գործընթացին ու մասնակիցներուն մասին, բեմ հրաւիրեց «այս գիտաժողովին հաւատացող եւ անոր յաջողութեան նիւթական մեծագոյն նպաստը բերող» Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժինի տնօրէն, Դր. Ռազմիկ Փանոսեանը:
Դր. Փանոսեան ամփոփ ներկայացուց Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հիմնումը, դերը, սկզբնական տարիները, անդրադարձաւ Հիմնարկութեան ծաւալած տասնամեակներու գործունէութեան եւ անցած ուղիին, Միջին Արեւելքի մէջ կատարած տնտեսական-մշակութային զարգացման նպաստներուն եւ առանձնացուց անոր Իրաքի մէջ կատարած ներդրումները:
Վեր. Դր. Փօլ Հայտօսթեան բարիգալուստ մաղթեց արտասահմանէն ժամանած հիւրերուն եւ լիբանահայ ներկաներուն: Ան առանձնացուց Իրաքի Հայոց Առաքելական թեմի առաջնորդ Գերշն. Աւագ Արք.ի ներկայութիւնը, աւելցնելով նաեւ թէ «եթէ մէկ կողմէն այս եւ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին ակադեմական անդրադարձ պիտի կատարուի իրաքահայութեան կենսագործունէութեան, ապա կարելի չէ նաեւ մոռացութեան մատնել այն ցաւը, փոփոխութիւններն ու կորուստները որ Իրաք ու իր բոլոր համայնքները կրեցին վերջին երկու տասնամեակներուն: Մենք կը գնահատենք յարատեւութիւնը բոլոր անոնց որոնք մնացին հոն հակառակ բոլոր բրտութիւններուն»: Վեր. Հայտօսթեան նշեց որ Կեդրոնի մայիսեան այս գիտաժողովները սկսած են դառնալ սկզբնակէտ եւ ելակէտ նոր տրամախօսութեանց եւ ուսումնասիրութեանց, ու անդրադառնալէ ետք զանազան գիտակեդրոններու հետ ծաւալող գործակցութեանց, բարեմաղթանքներ կատարեց, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնց ջանքերով գիտաժողովը ընթացք կ’առնէ, տիար Երջօ Սամուէլեանին, որուն նուիրատուութեամբ սկիզբ առաւ Կեդրոնը, Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան՝ անոր նիւթաբարոյական աջակցութեան, ընդգծելով որ Դր. Փանոսեանի ներկայութիւնը արտայայտութիւնն է այդ աջակցութեան: Հուսկ, ան հրաւիրեց Աւագ Արք.ը իր սրտի խօսքը փոխանցելու:
Սրբազան Հայրը ներկաները ողջունելէ ետք «մեր Տիրոջ ընծայած խաղաղութեամբ ‘որ ի վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս’», բարձր գնահատեց Կեդրոնի այս նախաձեռնութիւնը՝ նուիրուած Իրաքի հայութեան, որոնք վերջին քառասնամեակին «անցան չորս պատերազմներէ, ահաւոր արգելափակումէ, տնտեսական տագնապներէ, ապահովութեան աննկարագրելի բացակայութենէ, ներքին եւ արտաքին արտագաղթէ: Այս բոլորին հետեւանքով ալ աղքատացաւ օրինակելի, աշխուժ, աւանդապահ, եկեղեցանուէր, ազգասէր, ստեղծարար, շրջանակը շէնցնող, խաղաղասէր, կարգապահ, ազնիւ, տիպար իրաքցի քաղաքացիներով յառաջացած հայ համայնքը… հետեւաբար, ինչ լաւ է որ այս գիտաժողովը լոյս պիտի սփռէ իրաքահայութեան ունեցած բարեմասնութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ անոնց արձանագրած յաջողութեանց …»:
Առաւօտեան ժամը 10ին սկիզբ առին գիտաժողովի նիստերը: Գումարուեցան ութ նիստեր, որոնց ընթացքին կարդացուեցան 34 զեկոյցներ՝ Ֆիլիփինէն, Մ. Նահանգներէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Իրաքէն, Եգիպտոսէն, Սուրիայէն եւ Պէյրութէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.- 1) Անցեալ Պատմութիւն 2) Նախաեղեռն, Ցեղասպանութիւն, Գաղթավայրեր եւ Գաղթականութեան Աջակցութիւն 3) Հայկական Կեանքի Կերտումը Իրաքի Մէջ (երեք նիստ) 4) Իրաքահայ Նպաստը 5) Հայաստան եւ Իրաքահայութիւն, 6) Իրաքահայերը Այսօր:
«Աբբասեան Խալիֆայութեան Վերջին Պատմաշրջանը Եւ Հայկական Ծագումով Աբբասեան Խալիֆաները (991-1258)» նիւթով, Պասրա ծնած Պետրոս Թովմասեան ներկայացուց Աբբասեան Խալիֆայութեան (750-1258) երեսունեօթ խալիֆաներէն ծագումով հայ երեքը՝ Ալ-Քաըմ (1031-1075), Ալ-Մուքթատի (1075-1094) եւ Ալ-Մուսթատի (1170-1180): Թովմասեան, որ հեղինակն է Աբբասեան Խալիֆայութեան Վերջին Պատմաշրջանը Եւ Հայութիւնը (991-1258) մենագրութեան, մանրամասնեց անոնց քաղաքականութիւնը, մշակոյթի եւ այլ կրօններու հանդէպ կեցուածքը եւ արժեւորեց նպաստը Խալիֆայութեան ԺԱ. դարու մշակութային եւ գիտական վերելքին:
Գահիրէի Համալսարանի հայկական ամբիոնի վարիչ Դր. Սալահ Մահկուպ համառօտակի ներկայացուց կեդրոնին գործունէութիւնը եւ լուսարձակի տակ առաւ Մոսուլի հայ կառավարիչ Պատր ԷլՏին Լուլուն (ԺԳ. դար), անոր քաղաքական գործունէութիւնը եւ դերը շրջանի խառն բնակչութեան համակեցութեան պահպանման մէջ:
Դր. Գայիանէ Պօղոսեան լուսարձակի տակ առաւ ԺԸ. դարուն Պաղտատի մէջ ձեռագրուած ցարդ ծանօթ միակ բժշկարանը: Ան մանրամասնեց Բժշկարանին բովանդակութիւնը, իւրայատկութիւնները, լեզուն ու եզրակացուց որ ձեռագիրը ճաշակ մը կու տայ 1760-70ականներու պաղտատահայութեան կենցաղին, հետաքրքրութիւններուն մասին:
Գահիրէէն հրաւիրուած Դր. Ուաֆա Մահմուտ անդրադարձաւ Մոսուլի մէջ ԺԸ.-Ի. դարերուն ապրած եւ գործած Չաքմաքճեան ընտանիքին, մանրամասնեց ընտանիքի հիմնադիրին Մոսուլ հաստատման պատճառները, յետագայ գործունէութիւնը եւ ընտանիքին նպաստը գաղթահայութեան ու Իրաքին:
ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկի աշխատակից Դր. Արտակ Մաղալեան խումբ մը հայ եւ օտար ճանապարհորդներու արձանագրութիւններուն հիմամբ ներկայացուց ԺԹ. դարու իրաքահայութիւնը:
Բնիկ պաղտատցի Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրաքեան տուաւ դիմանկարը ‘պաղտատցի’ հայերուն, անոնց մտայնութիւնը, կենցաղը, խօսակցական լեզուն եւ բարբառը, ծագումը, բնակավայրերը, աշխատանքային ասպարէզը, սովորոյթները, անոնց աջակցութիւնը հայ գաղթականութեան եւն.:
Յայտնի ցեղասպանագէտ Դր. Հիլմար Քայզէր ծանրացաւ Մոսուլի Նահանգի տեղին եւ դերին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մէջ: Ան մատնանշեց որ Մայիս 1915ին Օսմանեան Կայսրութեան ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Մոսուլի Նահանգի որոշ շրջաններ նկատած էր ”հայ տեղահանեալներու ուղարկուելիք [երեք] վայրերէն” մին, սակայն շատ փոքրաթիւ հայեր ղրկուեցան Մոսուլ, «որովհետեւ,- ան բացատրեց,- նպատակը Մոսուլ հասցնել չէր, այլ զանոնք սպառելն էր Մոսուլի ճամփուն վրայ գտնուող անապատներուն մէջ»:
Վերջերս Երեւանի մէջ Իրաքի հայօճախին նուիրուած իր դոկտորականը պաշտպանած, ծնունդով պասրացի Դր. Սեդա Օհանեան, հիմնուելով 1918ի Վանի գաղթականութեան պարագլուխ Լեւոն Շաղոյեանի հարուստ արխիւի նիւթերուն վրայ, ներկայացուց գաղթականութեան ժամանումը Իրաք, մանրամասնեց Պաքուպայի ու Նահր Օմարի գաղթակայանները, անդրադարձաւ 1947ի ներգաղթին, յետ-գաղթականական հայ բնակավայրերուն՝ Պաղտատի, Պասրայի, Մուսուլի, Զախոյի, Էրպիլի եւ զուտ հայաբնակ գիւղերու՝ Հաւրեզքի եւ Աւզրուկի ստեղծման եւ գոյատեւման պատմութեան:
Հիմնուելով Յովհաննէս քահանայ Սիմոնեանի տոմարին վրայ, Դր. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց 7 Նոյեմբեր 1918ին հիմնուած Պաքուպայի որբանոցին մէջ ապաստան գտած 660 մանչ եւ 386 աղջիկ որբերու ժողովրդագրութիւնը, տարիքային պատկերը եւ հարցադրեց նման տարիքի հասարակութեան մէջ յառաջացող մտադրոյթին եւ մտայնութեան մասին:
Դր. Մահմուտի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր իրաքահայ հանրային ամէնահռչակաւոր կիներէն Սարա Ինկէնտէրեանին, ծանօթ՝ Սարա Խաթուն, կամ Սարա Զանկինա անունով: Ան արժեւորեց Սարային կեանքը՝ Իրաքի քաղաքական պատմութեան, ընկերային պայմաններուն եւ մշակութային իրավիճակի ենթահողին վրայ:
Սընթ Պենետիքթ Քոլէճի Աստուածաբանութեան Բաժանմունքին եւ Միննըսոթայի Սընթ Ճոնզ Համալսարանի դասախօս Դր. Ճոն Արմաճանի ներկայացուց Իրաքի պատմութեան նորագոյն չորս՝ օսմանեան, բրիտանական, ազգային եւ ամերիկեան հանգրուանները եւ քննարկեց այդ հանգրուաններուն որդեգրուած սահմանադրութեանց հայերուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն վերաբերող հատուածներերը:
Դր. Օհանեանի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր Պասրայի հայութեան անցեալին ու ներկային: Իրաքի հայկական երկրորդ մեծ համայնքը ձեւաւորուած է Պասրայի մէջ, ուր հայեր զանգուածաբար հաստատուած են ԺԸ. դարու Ա. քառորդին՝ Նոր Ջուղայէն:
Պատմութեան երիտասարդ հետազօտող Պետիկ Թորոսեան ՀԲԸՄ արխիւային նիւթերու հիմամբ ներկայացուց Քերքուքի 20րդ դարու հայոց յետեղեռնեան պատմութեան որոշ դրուագներ՝ միութենական կեանքին, անդամակցութեան, մարդահամարին, կենցաղին եւ կենսամակարդակին, միջմիութենական մրցակցութեան, ներգաղթին, Սիւլէյմանիէի մէջ ՀԲԸՄ մասնաճիւղ եւ ազգային վարժարան հիմնելու ճիգերուն, ծխատէր Մեսրոպ Քհնյ. Օրջանեանի գործունէութեան եւն.:
ՀՀ ԳԱԱ Մանուկ Աբեղեանի անուան Գրականութեան Հիմնարկի տնօրէն, Դր. Վարդան Դեւրիկեան մանրամասն ներկայացուց իրաքահայ թեմի պատմականը:
Ռաֆայէլ Ումուտեան ներկայացուց Իրաքի հայ կաթողիկէ համայնքը՝ իր ծննդոցէն (1758) մինչեւ մեր օրերը:
Արխիւաբան, ՀՀ Ազգային Արխիւի մասնագէտ Գոհար Աւագեան ներկաներուն հրամցուց համապատկերը Իրաքի հայ դպրոցներուն՝ մինչեւ անոնց պետականացումը՝ 1974ին, ըստ ՀՀ Ազգային Արխիւին մէջ մէկտեղուած նիւթերուն: Պարզուեցաւ որ արդէն 1924ին հայկական ազգային վարժարաններ կը գործէին Պաղտատի, Պասրայի, Մոսուլի, Նահր Էլ Օմարի եւ Կիլանի մէջ:
Պաղտատ ծնած, այժմ ամերիկաբնակ Համբարձում Աղպաշեան, որ հեղինակն է ՀԲԸՄի Իրաքի մասնաճիւղի պատմութեան գիրքին, ներկայացուց ՀԲԸՄի գործունէութիւնը Իրաքի մէջ, ուր ՀԲԸՄ առաջին մասնաճիւղը հիմնուած է Պաղտատի մէջ 1911ին, իսկ 1918ին՝ Պասրայի մէջ: Այնուհետեւ մասնաճիւղեր հիմնուած են Մոսուլի, Քերքուքի եւ Սիւլէյմանիէի մէջ:
Պաղտատ ծնած Շաքէ Արծիւեան-Աշճեան, անդրադարձաւ իրաքահայ իրերօգնութեան կազմակերպութիւններուն եւ առանձնացուց Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութիւնն ու Կիրակնօրեայ Հաւաքը, որոնք ըստ փոփոխուող կարիքներու գործեցին իրաքահայ իրականութեան մէջ:
Պաղտատ ծնած Վարանդ Պետրոսեան մանրամասնեց 1926ին հիմնուած Պաղտատի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութեան գործունէութիւնը, զոր բաժնեց հինգ հանգրուաններու:
Պէյրութահայ Ազդակ օրաթերթի երիտասարդ խմբագիր Նորա Բարսեղեան լուսարձակի տակ առաւ Գոյամարտ թերթը (8 Նոյեմբեր 1948-26 Օգոստոս 1954), որ փակուեցաւ պետական հրամանով եւ պահ մը վերահրատարակուեցաւ 1958ին:
ՀՀի մէջ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ներկայացուցիչ Դր. Արծուի Բախչինեան ներկաները ծանօթացուց իրաքահայ արուեստագէտներու, որոնք գոյն ու թափ տուած են թէ՛ իրաքահայ եւ թէ՛ Իրաքի ու արտասահմանի մշակութային համապատասխան բնագաւառներուն:
Հայկազեան Համալսարանի Արուեստից եւ Գիտութեանց Բաժանմունքի տեսուչ, փրոֆեսոր Արտա Արսէնեան-Էքմէքճի լուսարձակի տակ առաւ Իրաքի պետական հայ պաշտօնատար  Տիգրան Կարապետ Էքմէքճեանը (1880-1951), տուաւ անոր կենսագրութիւնը, անդրադարձաւ գործունէութեան՝ իբրեւ Իրաքի դատական գրասենեակի պաշտօնատար եւ Իրաքի սահմանադրութեան ծնունդին գործօն մասնակից:
Շահեկան այլ զեկոյց մըն էր Արմինէ Չուքասըզեանի հրամցուցած դիմանկարը իր հօր՝ լուսանկարիչ Յովհաննէս Չուքասըզեանի (1914-1994): Ան ներկայացուց լուսանկարիչին կեանքը իբրեւ որբ, ասպարէզային յառաջդիմութեան հանգրուանները եւ Պաղտատ հաստատուիլը՝ 1937ին: Ուշագրաւ է որ ան եղած է Իրաքի պետական հինգ պարագլուխներու պաշտօնական լուսանկարիչը:
Ծնունդով պաղտատցի Արա Աշճեան մանրազնին ուսումնասիրած է իրաքահայ կարկառուն դէմքերուն նպաստը՝ իրաքահայութեան, եւ կը պատրաստուի առանձին գիրքով հրատարակել իր ուսումնասիրութիւնը: Ան խօսեցաւ 20րդ դարու իրաքահայ դէմքերու նպաստին՝ Իրաքի պետութեան եւ երկրին վերելքին՝ բժշկութեան, դեղագործութեան, լուսանկարչութեան, սինեմարուեստի, մամուլի, գեղանկարչութեան, թատրոնի, երաժշտութեան, կրթութեան, գրականութեան, պատմագրութեան, մարզական, տնտեսութեան, առեւտուրին, ներածում-արտածումին, արհեստներուն, տեղական ճարտարարուեստին, զբօսաշրջութեան բնագաւառներու մէջ:
Նման բնոյթի այլ զեկոյց մը ներկայացուց հալէպահայ բանասէր Միհրան Մինասեան, որ առանձնացուց արաբերէն ստեղծագործած իրաքահայ գրողները, լուսարձակի տակ առնելով անոնցմէ միքանին՝ Եա’քուպ Սարգիսը (1875-1959), Հայր Ներսէս Վրդ. Սայէղեանը (1878-1953)՝ Իրաքի պատմութեան, տեղագրութեան, մշակոյթին ու հին գերդաստաններու պատմութեան նուիրուած գիրքերով ու յօդուածներով, բժիշկ Գրիգոր Ասթարճեանը (1885-1953)՝ արաբական գրականութեան, մշակոյթին եւ պատմութեան նուիրուած իր ստուարածաւալ հատորներով:
Քալիֆորնիոյ Նահանգային Համալսարանի Նորթրիճի ժամանակակից եւ դասական լեզուներու եւ գրականութեան բաժանմունքի հայագիտութեան բաժնի տնօրէն, Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան, հիմնուելով բրիտանական արխիւներու վրայ, մանրամասնեց 1921-1922ին իրաքահայ գաղթականութեան ներգաղթը Խորհրդային Հայաստան, պարագաները, պայմանները, կարաւանները, դժուարութիւնները եւն.:
Երիտասարդ ազգագրագէտ Խորեն Գրիգորեան դաշտային ուսումնասիրական տուեալներու լոյսին տակ ներկայացուց Դարբնիկ հաստատուած իրաքահայերը ազգագրական դիտանկիւնէն, մանրամասնեց անոնց կենցաղը, Հայաստանը իբրեւ հայրենիք ընկալելն եւ իրենց գաղթը իբրեւ վերադարձ ըմբռնելը, աշխատանքային շուկան, տեղական պայմաններուն պատշաճիլը, նոր կենսաձեւի մեկնաբանումը եւն.:
Երեւանի Պետական Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Ամբիոնի վարիչ Դր. Արման Եղիազարեան ներկայացուց Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի գործունէութիւնը Իրաքի մէջ՝ Կոմիտէի արտասահմանեան գործունէութեան ենթահողին վրայ:
Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի հաստատութենական հետազօտութիւններու պատասխանատու Անուշ Բեժանեան  վերլուծեց ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը՝ 2003ի իրաքեան պատերազմի դիտանկիւնէն, մանրամասնելով թէ ինչպէս եւ ինչ ելակէտերով ՀՀն ընդգրկուեցաւ այդ գործընթացին մէջ:
Գիտաժողովին վերջին նիստը եւս յատկացուած էր ժամանակակից խնդիրներուն. Երեւանի Պետական Համալսարանի Արաբագիտութեան Ամբիոնի դասախօս Դր. Սօնա Տոնիկեան քննարկեց ՀՀ-իրաքահայ յարաբերութիւնները 1991-2015ին: Ան նկարագրեց այդ յարաբերութիւններով զբաղող պետական կառոյցները, անդրադարձաւ անոնց ծաւալած գործունէութեան: Նոյն ծիրին մէջ, Սփիւռքի Նախարարութեան անձնակազմէն Ժենիա Կիւլպէնկեան ներկայացուց Նախարարութեան ծաւալած գործունէութիւնը եւ բերած նպաստը՝ ՀՀ հաստատուած իրաքահայերուն՝ 2008-2017 շրջանին:
Կեդրոնի երիտասարդ աշխատակից, պլոկըր Եղիա Թաշճեանի նիւթը հայ քրտական յարաբերութիւններու լոյսին տակ կը քննարկէր Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ հայութեան անցեալի, ներկայի եւ գալիք յարաբերութիւններու բնոյթը եւ կը հարցադրէր անոնց զարգացման հեռանկարները:
Առողջական պատճառներով գիտաժողովէն բացակայած, ամերիկաբնակ իրաքահայ Խաչիկ Ճանոյեանի զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական բաժնի ուսանողուհի Վանա Դանիէլեանը: Զեկոյցը անդրադարձաւ Իրաքէն հայութեան արտահոսքի տարիներուն, դրդապատճառներուն, ուղղութիւններուն եւ արտասահմանի մէջ անոնց ծաւալած գործունէութեան:
Գիտաժողովին վերջին զեկուցողը եղաւ Լիբանանի մօտ ՀՀ դեսպանատան անձնակազմէն Դր. Վլադիմիր Պօղոսեան, որ համապարփակ ներկայացուց Իրաքի հայոց թեմի շուրջ չորս տասնամեակի թեմակալ Հոգշն. Աւագ Արք. Ասատուրեանի կենսագործունէութիւնը:
Նիստերը վարեցին Դր.ներ Արտա Էքմէքճի, Նանօր Գարակէօզեան, Զաւէն Մսըրլեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Ժոզէֆ ԷլԱղա, Անդրանիկ Տագէսեան, եւ Եղիկ Թաշճեան ու Պետիկ Թորոսեան:
Աննախընթաց գիտաժողով մը եղաւ այս մէկը, ուր թերեւս կարելի էր աւելի արծարծել մերօրեայ խնդիրները:
Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ թէ՛ փորձագէտ, հայօճախին մէջ գործօն դեր ստանձնած գործիչներու, թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ՛ երիտասարդ հետազօտողներու մասնակցութեամբ:
Ուշագրաւ էին իրիկնային զոյգ դասախօսութիւնները, որոնցմէ առաջինը (դատաւոր Քրիսթոֆըր Եանկի կողմէ ներկայացուած) աւելի շօշափելի դարձուց 19րդ դարու իրաքահայ առնչութիւնները՝ բրիտանացիներու հետ, իսկ երկրորդը (Իրաքի Հայոց Առաջնորդարանի քարտուղար Սարգիս Քոթունեանի կողմէ)՝ ներկայացուց իրաքահայ ներկայ պատկերը: Շահեկան էր նաեւ Դր. Սեդա Օհանեանի Իրաքի հայօճախին նուիրուած մենագրութեան շնորհանդէսը:
Գիտաժողովին մասնակիցները կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտոլոժիով եւ թէ՛ յառաջացման եղանակով, երբեմն նաեւ՝ ենթակայականութեամբ: Ոմանք դաշտային հետազօտութեան, բանասիրական ուսումնասիրութեան, արխիւային պրպտումներու, իսկ ուրիշներ՝ փաստաթուղթերու վերլուծութեան վրայ հիմնուած էին: Անոնք, մանաւանդ իրաքահայերու պարագային, կը դրսեւորէին իրաքահայ համախոհութեան մը առկայութիւնը:
Ջերմ, ազատ, անմիջական, երկար քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան իրաքահայ անցեալին ու ներկային հայող շատ հարցեր,  իրագործումներ:
Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան ունկնդիրներ, իրաքահայ, Միջին Արեւելքի հայօճախներու ժամանակակից պատմութեամբ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներ, հետազօտողներ, մտաւորականներ շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք կը ծառայեն սփիւռքագիտութեան: Ակնկալելի է, որ յառաջիկային լիբանահայ համալսարանաւարտներ զեկոյցներ ներկայացնեն, խտացնելով շարքերը Միջին Արեւելքի մէջ հայկական նիւթերով հետաքրքրուող եւ ուսումնասիրող արհեստավարժ մասնագէտներու եւ սիրողական փորձագէտներու:
Գիտաժողովը նաեւ իւրօրինակ երախտիք եւ ճանաչում էր Իրաքի հայութեան կատարած հայկական եւ մարդկային ճիգերուն:
Կեդրոնի կազմակերպած վերջին չորս տարիներու գիտաժողովները Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի հայօճախներուն բեւեռուող լուսարձակներ են, որոնք նոր եւ հրատապ այժմէականութիւն կու տան Միջին Արեւելքի սփիւռքագիտութեան զարգացման, մղելով առնչուող հայութիւնը իր պատմութիւնը, դէպքերն ու զարգացումները շրջանի համապատկերով, Միջին Արեւելքի անդրսահմանային հայեցակարգով դիտելու եւ ընկալելու:
Բարերար տիար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը շնորհակալ է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժնին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը: Կեդրոնը շնորհակալ է նաեւ բոլոր միւս նուիրատուներուն՝ Տիկ. Մարլէն Մելքոնեան-Սեդրաքեանին, Տիար Խաչիկ Ճանոյեանին եւ Լոս Անճելըսի Իրաքահայ Ընտանիքի Ընկերակցութեան, բոլոր մասնակիցներուն՝ զեկուցողներուն, որոնք իրենց մասնակցութեամբ հարստացուցին գիտաժողովը, ինչպէս նաեւ՝ ունկնդիրներուն, որոնք յատուկ մթնոլորտ յառաջացուցին եւ աւելի ծաւալուն դարձուցին գիտաժողովին անմիջական արդիւնքները:
Գիտաժողովին նիւթերը պիտի հրատարակուին յառաջիկային: Արդէն լոյս տեսած է Լիբանանի հայօճախին նուիրուած գիտաժողովին հատորը, շուտով կը հրապարակուի Սուրիոյ գիտաժողովին նիւթերուն հատորը:
Յառաջիկայ տարուան՝ Կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիոյ Հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2017 Մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացք առած են:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմել Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն:
Հայկազեան Համալսարանի
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն