Haigazian University

Եգիպտոսի, Սուտանի եւ Եթովպիոյ Հայերը Գիտաժողով

Oct, 24

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը 2018 տարեշրջանին պիտի կազմակերպէ Միջին Արեւելքի հայօճախներուն նուիրուած իր հինգերորդ տարեկան գիտաժողովը:

Այս գիտաժողովը պիտի կայանայ երկու հանգրուանով. ա) Գահիրէի մէջ (Ապրիլին), Գործակցութեամբ Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին եւ բ) Հայկազեան Համալսարանի մէջ (Մայիսին):

Արդ, կը հրաւիրենք  Սփիւռքի եւ Հայրենի բանասէրները, օտար հայագէտները՝ որոնք հետաքրքրուած են ու կ’առնչուին վերոյիշեալ հայօճախներու հին թէ նոր կենսագործունէութեան ուսումնասիրութեան, դիմելու Կեդրոնիս՝ հիմնուելով ստորեւ նշուած տուեալներուն վրայ:

Ա.- Մասնակիցները կրնան ուսումնասիրութիւն ներկայացնել հետեւեալ նիւթերէն որեւէ մէկուն շուրջ.-

1) Պատմութիւն.- Հայերը վերոյիշեալ երկիրներէն որեւէ մէկուն մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն առաջ, Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն, Յետ-Ցեղասպանութեան շրջանին (մինչեւ մեր օրերը).

2) Պետութիւնը եւ Հայերը. Հայերը պետական վարչամեքենային մէջ (նախարարութիւններ, բանակ եւ զինուորականութիւն, առողջապահութիւն, քաղաքական կեանք, տեղական կառավարութիւն եւն.), սահմանադրութիւնը եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները.

3) Յետ-Գաղթականական Հայ Բնակավայրեր. Անցեալի եւ ներկայի հայկական բնակավայրերը՝ վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ եւ անոնց ընթացքը, ժողովրդագրութիւնը, արհեստները եւն.

4) Հայ Եկեղեցին (Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական). Թեմական կեանք, Հայ Եկեղեցին վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ եւ իր դերը միջկրօնական երկխօսութեանց, թէ մարդասիրական աջակցութեան ծիրին մէջ.

5) Կազմակերպութիւններ. հայ կազմակերպութիւններն ու միութիւնները (ընկերային, բարեսիրական, մշակութային, մարզական եւն.) եւ անոնց դերը.

6) Մշակոյթ. հայ դպրոցները, մամուլ-գրականութիւն-տպագրութիւնը, ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի հաղորդումները, երգչախումբերը, թատրոնը, գեղանկարչութիւնը), մշակոյթի հանրայայտ դէմքեր.

7) Ինքնութիւն եւ Համարկում. Հայութեան նպաստը վերոյիշեալ երկիրներու մշակոյթին (թատրոն, արուեստներ, լուսանկարչութիւն, երաժշտութիւն, մարզական կեանք եւն.), տնտեսութեան եւ ճարտարարուեստին, առեւտուրին եւ շուկային, հաղորդամիջոցներուն եւ տպագրութեան, ընկերային եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններուն, հայերը տեղական կուսակցութիւններու մէջ, ինքնութեան հարցեր եւ այլասերում/ձուլում.

8) Հայերը՝ Տեղաբնիկներուն Պատկերացումին մէջ. Հայերուն պատկերը տեղաբնիկներուն մշակոյթին մէջ (սինեմարուեստ, թատրոն, գրականութիւն, բանաւոր պատմութիւն, հաւաքական յիշողութիւն).

9) Եգիպտահայ/Սուտանահայ/Եթովպահայ Արտերկիր Հաղորդակցութիւն. Հայերու ներգաղթը Հայաստան՝ 1920ականներէն սկսեալ: Հայաստան-վերոյիշեալ հայօճախներ եւ պետուլթիւններ փոխյարաբերութիւններ: Եգիպտահայ/Սուտանահայ/Եթովպահայ միութիւններ արտասահմանի մէջ (Մ. Նահանգներ, Եւրոպա, Աւստրալիա) եւ անոնց կապերը իրենց ծննդավայր երկրին հետ, կապը Հայաստանի, Միջին Արեւելքի հայօճախներու, Սփիւռքին եւ արտասահմանի հայութեան հետ.

Բ.- Մասնակցութեան Տուեալներ

1) Մասնակիցներ պարտին 20 վայրկեան տեւողութեամբ զեկոյցներ կարդալ իրենց ուսումնասիրութեան մասին՝ հայերէն կամ անգլերէն.

2) Ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին առանձին գիրքով, հետեւաբար մինչեւ 30 Յուլիս 2018 մասնակիցները պարտին վերջնական ձեւի դրած ըլլալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ յանձնել զանոնք Կեդրոնին.

3) Կեդրոնը մինչեւ երեք օրուան կեցութիւն պիտի տրամադրէ գիտաժողովին մասնակիցներուն.

4) Դիմորդները պարտին մինչեւ 25 Նոյեմբեր 2017 ել-նամակով Կեդրոնին յղել իրենց ուսումնասիրութեան նիւթին վերնագիրը:

5) Դիմումին եւ նիւթի ընդառաջման պատասխանը կը տրուի մինչեւ 20 Դեկտեմբեր 2017:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ մանրամասնութիւններու համար դիմել.-

Հայկազեան Համալսարան, Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն.-

հեռ. 00961 1 349230 ext. 205, կամ 00961 3 712058, կամ գրել՝ adakessian@haigazian.edu.lb հասցէին:

Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն