Haigazian University

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ «ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԱՇԱՐԺԵՐԸ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄՆԵՐԸ 1900-2020ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ»

Jan, 26

Հայկազեան Համալսարանը (Լիբանան) եւ Խ. Աբովեանի անուան Հայկական Պետական Մանկավարժական Համալսարանը (Հայաստան) 29-30 Յունիս 2022ին Երեւանի մէջ իրենց կազմակերպած առաջին գիտաժողովէն ետք, 2023 Յունիս 28-29ին պիտի կայացնեն «ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԱՇԱՐԺԵՐԸ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱԿԵՐՊՈՒՄՆԵՐԸ 1900-2020ԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ» խորագրեալ միջազգային երկրորդ գիտաժողովը:

Գիտաժողովը պիտի քննարկէ վերջին 120 տարիներու ընթացքին հայ իրականութեան մէջ տեղի ունեցած տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները հետեւեալ ուղղութիւններով.-
1. Հաստատութենական (institutional)՝ եկեղեցի, ազգային կուսակցութիւններ, բարեսիրական-կրթամշակութային-մարզական միութիւններ, գաղթօճախներ եւ այլ ազգային հաստատութիւններ:
2. Մշակութաբանական՝ հայագիտութիւն, դպրոց, գրականութիւն, լեզու, թատրոն, երաժշտութիւն, պարարուեստ, ճարտարապետութիւն, յուշարձաններ, մամուլ եւն.:
3.Հասկացութենական (conceptual)՝ հայ, հայութիւն, հայրենիք, սփիւռք, ինքնութիւն, ազգ, հայրենասիրութիւն, անցեալ, անցեալի ժառանգութիւն եւն.:
4.Ընկերային (social)՝ աշխարհընկալում, արժէհամակարգ, ընտանիք, անհատ, հաւաքականութիւն, համայնք եւն.:
5.Իրաւական-պետական՝ Հայկական Հարց, Հայ Դատ, Հայոց Ցեղասպանութիւն, քաղաքացիութիւն, պետութիւն, պետականութիւն, պետական հաստատութիւններ եւն.:

Գիտաժողովը նպատակ կը հետապնդէ տեղաշարժերու եւ փոխակերպումներու այս ընդհանուր պարունակի մէջ`
ա) Քննարկել եւ բիւրեղացնել այն երեւոյթները, որոնք յանգեցուցած են տարբեր հոգեբանական, ժողովրդագրական, կեցութային, վարուեցողական, կենցաղային, փոխյարաբերական, հաղորդակցական փոխակերպումներուն եւ այն հիմնուղիները, որոնք տակաւ նկատելի կը դառնան ԻԱ. դարու երրորդ տասնամեակին՝ հայ իրականութեան մէջ:
բ) Պարզել եւ վերլուծել այն հետեւնքներն ու զարգացումները, որոնք արդիւնքն են այդ փոխակերպումներուն:
գ) Քննարկել, թէ հայ իրականութիւնը ինչպէ՞ս դիմագրաւած է այդ փոխակերպումները:
դ) Արծարծել, թէ ի՞նչ ուղիներով կրնային զարգանալ փոխակերպումները։
ե) Քննարկել, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ազդել փոխակերպումներու հայանպաստ ընթացքի եւ առաւել դրական արդիւնաւէտութեան համար:
զ) Մեկնելով խորհրդածութիւններէն եւ քննարկումներէն՝ կատարել եզրկացութիւններ:
Կազմկոմիտէին ակնկալութիւնն է որ իւրաքանչիւր զեկուցող իրեն տրամադրուած 30 վայրկեան ժամանակին մէջ առաւելագոյն համապարփակութեամբ եւ խորութեամբ ներկայացնէ լուսարձակի տակ առած իր նիւթը:
Գիտաժողովին մասնակցութեան համար պէտք է մինչև 2023 Մարտ 1ը հայտ ներկայացնել գիտաժողովի կազմկոմիտէին՝ հետեւեալ հասցէներով` stepanyankhachatur16@aspu.am, adakessian@haigazian.edu.lb։ Հայտը պէտք է ընդգրկէ ինքնակենսագրական տեղեկութիւններ զեկուցողին կամ զեկուցողներուն մասին, ինչպէս նաեւ զեկոյցի (որ պէտք է կառուցուի գիտաժողովի վերոյիշեալ նպատակներուն տրամաբանութեամբ) համառօտ բովանդակութիւնը 250-400 բառի ծաւալով: (Եթէ զեկոյցին համառօտ բովանդակութիւնը 250 բառէն քիչ է կամ 400 բառէն աւելի, ինչպէս նաեւ պատշաճօրէն նկատի չ’առներ գիտաժողովին նպատակային վերոյիշեալ կէտերը, ապա այդ հայտը պիտի չքննարկուի): Հայտատուները մինչեւ 2023 Մարտ 15ը կը տեղեկացուին գիտաժողովին իրենց մասնակցութեան մասին:
Գիտաժողովին մասնակցելու վերջնական հրաւէր ստացած հայտատուները պարտին մինչեւ 10 Յունիս 2023 կազմկոմիտէին փոխանցել իրենց ցեկոյցը:
Գիտաժողովներուն զեկոյցներու ընտրանին պիտի հրատարակուի հատորով:
Զեկոյցներուն հրատարակման մանրամասնութիւնները կը յայտարարուին գիտաժողովին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել stepanyankhachatur16@aspu.am կամ՝ adakessian@haigazian.edu.lb , կամ զանգահարել հետեւեալ հեռախօսահամարներով` +37493733777 (Խաչատուր Ստեփանեան), կամ՝ +9613712058 (Ա. Տագէսեան):

Գիտաժողովի կազմկոմիտէ