Ամէն կրթական տարեշրջանի աւարտ, խորքին մէջ, կը պարփակէ նաեւ նոր յոյսի ու լոյսի խորհուրդ, ապագայակերտ ճանապարհի վերահաստատում, այլապէս ալ կեանքը իմաստաւորելու համոզում եւ յանձնառութիւն։
Ա՛լ ինչ խօսք, երբ վերոնշեալ մտածումը կ՛առնչուի ակադեմական մակարդակի հաստատութեան մը, որ 69 տարիներէ ի վեր կոչուած է ծառայելու հայութեան ու ամբողջ մարդկութեան, բարձրագոյն ուսում ջամբելով իրերայաջորդ սերունդներու։
Ամբողջ սփիւռքի տարածքին, ըլլալով եզակի հայկական կաճառ, Հայկազեան համալսարանը կառչած իր առաքելութեան եւ հաւատամքին` կը շարունակէ իր երթը, նեցուկ կանգնելով բոլորին անխտիր, հաւատարիմ մնալով իր`ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ, ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ, ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ դաւանանքին։
Արդար է ընդգծել, որ հակառակ երկրի տնտեսական, քաղաքական, ընկերային ու բազում այլ դժուարութիւններուն, տիրող անհանգիստ եւ անորոշ կացութեան, կրթական տարեշրջան մը եւս իր լրումին կը հասնէր,
Արդարեւ, Ուրբաթ, 7 յունիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Հայ Աւետ. Գոլէճի փակին մէջ, տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի 64-րդ վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ կրթական, ակադեմական, կրօնական, պետական, քաղաքական ու զինուորական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու։
Արարողակարգի դասական նուագի ուղեկցութեամբ եւ ծափողջոյններու ընկերակցութեամբ, հանդիսավայր մուտք գործեցին համալասարանի դասախօսները, նախագահը, օրուան բանախօսը եւ շրջանաւարտ ուսանողները։
Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք, համալասարանի հովիւ վերպատուելի Ուիլպըրթ Վան Սան աղօթքով`հանդիսութեան բացումը կատարեց։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ իր գոհունակութիւնը յայտնեց կրթական տարեշրջանի աւարտին, հակառակ երկրի մէջ ստեղծուած դժուար պայմաններուն։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի դասախօսական կազմին, վարչական պատասխանատուներուն, պաշտօնէութեան եւ ուսանողութեան, որոնք ամէն ճիգ ի գործ դրին իր աւարտին հասցնելու կրթական տարեշրջանը։
Իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, ծնողներուն եւ աշխատակիցներուն, ըսաւ. «Նուաճումի եւ կորուստի խաչմերուկին վրայ, լուրջ աշխատանքի եւ վայելքի հանդիպումին, տարիներու յարատեւութեան եւ վկայման միացումին, տեղ մը կայ տաքուկ, հաստատ պահ մը, կանգառ մը, սրտի գոհունակութեան։ Այս ժամը այդպիսին է։ Կուտակուած ու մշակուած շատ բան, բայց այս ժամուն համար, անսպառ պարզութիւն»։
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան իր պատգամին մէջ ընդգծեց, որ հարկ է կեանքի մէջ պահել հաւասարակշռութիւն եւ փորձել բացատրութիւն տալ «նուաճումի եւ կորուստի» հասկացութեան։ Ան շեշտեց, որ պէտք է կեդրոնանալ իրերու խորութեան, հոգեւոր կեանքի պայծառութեան եւ աշխատանքի վրայ։
Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան անդրադարձաւ նորահաս սերունդի եւ մասնա-ւորապէս 2024 տարեշրջանի հունձքին, բարձր գնահատելով ունեցած ներուժը, մարդկային արժէքներ կրելու յատկութիւնը, մասնագիտանալու ձգտումները, ինչպէս նաեւ`մտաւորական ու հոգեւոր ունակութիւնը։
Իր պատգամի մէջ յատկապէս ընդգծեց յոյսի եւ հաւատքի կարեւորութիւնը, յաղթահարել կարենալու կեանքի մարտահրաւէրները, պատրաստելով այնպիսի սերունդ, որ կ՛առաջնորդուի բարոյական արժէքներով եւ սկզբունքներով։
Խօսքի աւարտին, ան ըսաւ. «Մաղթանքս է, որ մեր սերունդները, նաեւ այսօրուան շրջանաւարտները, ապրին յոյսով, լոյսի աստուածային բարիքով, եւ գործեն անվարան, առանց հերթի կանգնելու, կամ հրաւէր սպասելու։ Չյուսահատինք այլոց խաւարով, այլ խիզախ նուիրուածութեամբ առաջ երթանք բարիի ճամբով»։
Ապա, վեր. դոկտ Փոլ Հայտոսթեան բեմ հրաւիրեց օրուան հիւրը`Զիատ Հայէք, որ իր պատգամը փոխանցէ։
-«Մոռցէք Կեդրոնական դրամատան ոսկիի պահեստները, դուք էք Լիբանանի իսկական գանձը», ըսաւ օրուան պատգամաբերը սկսաւ իր ելոյթը, ընդգծելով` «Դուք պիտի հիւսէք վաղուան լիբանանեան ընկերութեան նոր պատկերը։ Հիմա որ ձեր թեւերը ամբողջութեամբ փետուրով ծածկուած է, ուրեմն, արծիւներու նման ճախրեցէք բարձր ու սաւառնեցէք պայծառ երկինքին մէջ»։
Պատգամախօսը կեդրոնացաւ հեռանկարային հետեւեալ ուղիներու վրայ.
«շարունակական Ուսում», «ձեռներեցութիւն եւ Համբաւի տիրացում», «մղում ու քաջութիւն»։
Զիատ Հայէք ըսաւ. «Անցեալին, այս օրը, կը նկատուէր կրթութեան աւարտը եւ կեանքի ասպարէզ նետուելու սկիզբը։ Բայց այս օրուան աշխարհին մէջ, այս օրը կը նկատուի կրթութեան սկիզբը` աշխատանքային կեանքի մէջ», շեշտը դնելով յարատեւ ուսման կարեւորութեան եւ շարունակելու ունակութեան վրայ։
Ան նկատել տուաւ, որ արհեստագիտութեան զարգացման այս դարուն, երբ ընկերային ցանցի տարածման եւ արհեստական իմացականութեան նուաճումներու ականատս ենք, մարդ անհատի ուսումն ու համբաւի կարեւորութիւնը կը շեշտուի։
Հուսկ, Զիատ Հայէք դիտել տուաւ որ հարկ է «ողջագուրուիլ» եւ սէր տածել կիրքին ու քաջութեան հանդէպ, որպէսզի կարենաք դիմագրաւել կեանքի դաժան պայմանները։ Ան շնորհաւորեց եւ լաւագոյնը մաղթեց շրջանաւարտներուն։
Ուղերձով հանդէս եկան երկու շրջանաւարտներ Յովիկ Ճէհիզեան (անգլերէն) եւ Տանա Եունէս (արաբերէն)։
Անոնք երախտագիտական խօսքով հանդէս եկան եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայկազեան համալսարանին, նախագահին ու դասախօսական կազմին։ Երկու շրջանաւարտները ընդգծեցին, որ ընթացիկ տարիներուն անոնք ոչ միայն գիտութիւն ամբարեցին, այլ նաեւ իւրացուցին մարդկային արժէքներ, որոնք տակաւ սկսած են դժուարութեամբ ընկալուիլ, կեանքի փոփոխութիւններու լոյսին տակ։
Շեշտադրելով համալսարանի նշանաբանը` «Ճշմարտութիւն, Ազատութիւն, Ծառայութիւն», շրջանաւարտները ընդգծեցին, որ զինուած այս նշանաբանով անոնք պիտի կարենան դիմագրաւել կեանքի անարդարութիւնն ու խաւարը։ Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ իրենց ջանադիր ուսումնառութեան առընթեր, կերտեցին նկարագիր ու վաստկեցան ինքնավստահութիւն։ Այլապէս սորվեցան, ընկերային կեանքի մէջ ըլլալ արդար ու պատասխանատուութեան տէր քաղաքացիներ։
Աւարտին, Հայկազեան համալսարանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք, վերա-պատուելի Նշան Պագալեանի աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը։
Հայկազեան Համալսարան
Հանրային Կապերու գրասենեակ