Նիւ Եորք.- Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի առիթով Հայկազեան համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան, 3 մարտ 2025-ին Գոլոմպիա համալսարանի Faculty House-ի մէջ ելոյթ ունեցաւ «Կրթութիւն, խաղաղութիւն , եւ կամուրջ-հաստատելու Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներուն դերակատարութիւնը» վերնագրով բովանդակալից դասախօսութեամբ: Միջոցառումը կազմակերպուած էր Գոլոմպիա համալսարանի հայկական կեդրոնի կողմէ եւ կը վայելէր հովանաւորութիւնը NAASR / Calouste Gulbenkian Foundation Lecture Series on Contemporary Armenian Issues, Columbia University Armenian Society եւ Ամերիկայի հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA):
Դասախօսութեան ներկայ էին յարգելի անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝, Վատիկանի ՄԱԿ-ի արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Կապրիել Ճորտանօ Կասիան, Լիբանանի մշտական առաքելութեան ղեկավար,ՄԱԿ-ի դեսպան Հատի Հաշէմը, Հայաստանի Հանրապետութեան ՄԱԿ-ի մշտական առաքելութեան առաջին քարտուղար Տիար Արսէն Քոթանճեանը, ակադեմիկոսներ, համալսարանի անուանակից Արմենակ Հայկազեանի ծոռներէն երկուքը՝ Բեկի Մեհակեան Տինկլեան եւ Տուք Մեհակեան, հոգեւորականներ, ուսանողներ, եւ Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտներ եւ բարեկամներ:
Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանը, Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ, նաեւ դասախօս՝ Միջին Արեւելքի, Հարաւային Ասիայի եւ Ափրիկեան ուսումնասիրութեան (MESAAS) Գոլոմպիա համալսարանի մէջ, բացման խօսքին մէջ ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց օրուան բանախօսը:
Նախագահ Հայտօսթեան, իր դասախօսութեան ընթացքին անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնէական համայնքներու անցեալին եւ առանցքային դերին՝ յատկապէս կեդրոնանալով կրթութեան, առողջապահութեան եւ ընկերային համերաշխութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումներու մասին, որոնք կը կարեւորուին, ինչպէս հակամարտութիւններու այնպէս ալ բազմազանութեան ատեն: Ան, ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց քրիստոնէական հաստատութիւններու, այդ կարգին Հայկազեան համալսարանի նշանակութեան վրայ՝ ան կարեւորեց հանդուրժողականութեան սնուցանումը, երկխօսութեան խթանման եւ որակեալ կրթութիւն ապահովելու անոնց ջանքերը՝ որպէս մշակութային եւ կրօնական պառակտումները կամրջելու միջոց։
Նախագահ Հայտօսթեանը քննական հայեացքով ներկայացուց թէ՛ այն մարտահրաւէրները եւ հնարաւորութիւնները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուին այս համայնքները այսօրուայ բարդ աշխարհաքաղաքական տարածքին խաղաղութիւն եւ հասկացողութիւն առաջ տանելու իրենց առաքելութեան մէջ: Անոր տեսութիւնները կը շեշտէին այդ հաստատութիւններու կարեւորութիւնը Միջին Արեւելքի եւ այն կողմ, խաղաղութեան եւ համագործակցութեան համար որպէս կենսական կամուրջ ծառայելու համար։
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ աշխոյժ հարց ու պատասխան, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն, ուր ներկաները քննարկեցին դասախօսութեան նիւթի շուրջ ծագած հարցերը:
Գնահատելով Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի ներդրումները, Հայկազեան համալսարանի 70-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, անոր յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր մը:
For more information, please contact:
Mira Yardemian
Public Relations Director
Haigazian University
Email: mira@haigazian.edu.lb