Երկուշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2026ին, Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին (ՀՊՄՀ) մէջ տեղի ունեցաւ «Փոխակերպուող հայաշխարհ. գործընթացներ եւ իրողութիւններ» միջազգային գիտաժողով-աշխատաժողովը, կազմակերպբութեամբ՝ ՀՊՄՀի եւ Հայկազեան համալսարանի:
Գիտաժողովը կու գար աւարտին հասցնել 2022ին (Երեւանի մէջ) եւ 2023ին (Հայկազեանի մէջ) տեղի ունեցած «Հայութեան տեղաշարժերը եւ փոխակերպումները 20րդ դարուն եւ 21րդ դարու սկիզբին» վերնագրով զոյգ գիտաժողովները:
Մասնագէտներու, հայագէտներու եւ ուսանողներու ներկայութեան գիտաժողովին բացումը կատարեց ՀՊՀՄի Համաշխարահային պատմութեան ամբիոնի վարիչ փրոֆ. Խաչատուր Ստեփանեանը, որ բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն, ուրախութիւն յայտնեց այս երրորդ գիտաժողովին առթիւ եւ հրաւիրեց ՀՊՄՀի րեկտոր դոկտոր Լիլիթ Մկրտչեանը, որ իր ողջոյնի խօսքը ուղղէ ներկաներուն: Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, հուսկ՝ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Անդրանիկ Տագէսեան եւ ՀՊՄՀի Պատմութեան եւ հասարակագիտութեան ֆակուլտէտի տեսուչ՝ դոկտ. Էտկար Յովհաննիսեան:
Գիտաժողովի 4 նիստերուն զեկոյցներ ներկայացուցին 7 մասնագէտներ.-
Դոկտ. Հրակ Փափազեան զեկուցեց «’Ո՞վ է հայը’ հարցադրումին հետքերով» նիւթով,
Դոկտ. Լիլիթ Մնացականեան՝ «Հոգեխոցը (trauma) եւ հայկական ինքնութեան որոշ դրսեւորումներ»,
Դոկտ. Աշոտ Ոսկանեան՝ «Պետութիւն—Սփիւռք՝ ճգնաժամ եւ հեռանկար»,
Հրայր Պալեան՝ «Ազգ-պետութիւն, Սփիւռք եւ հայերու բնաւ չկառուցած հաստատութեանական ճարտարապետութիւնը»,
Տիգրան Եկաւեան՝ «Իրական Հայաստան, ազգային պետութիւն եւ նորագոյն զարգացումներ»,
Արմենակ Թոքմաճեան՝ «Փոքր երկիր, համաշխարհային ցանցեր. հայերը եւ համաշխարհայնացման տարակերպութիւնը (paradox)»,
Փրոֆ. Արա Սայէղ՝ «Սփիւռքահայութեան փոխակերպումը համաշխարհայնացման եւ թուային արհեսատգիտութիւններու հոլովոյթին մէջ»:
Գիտաժողովը յատկանշուեցաւ ներկայացուցչական լայն՝ թէ՛ աշխարհագրական, թէ՛ սեռոյթային, թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ սերունդային բնոյթով: Իւրաքանչիւր զեկուցողի տրամադրուած էր մինչեւ 45 վայրկեան, որով կարելի եղաւ համապարփակ ներկայացնել նիւթը՝ խօսիլ տեսական երեսակին մասին, կատարել պատումը ընթացքին, նկարագրել եւ արժեւորել ներկան ու տալ հեռանկարային զարգացումներ ու լուծումներ:
Ուշագրաւ էր նաեւ այն որ զեկուցաբերները իրենց նիւթը պատրաստած էին ‘դաշտային ուսումնասիրութիւններ’ու հիմամբ. անոնք կա՛մ ականատես-մասնակիցն էին դէպքերուն, կամ դէպքերուն վերաբերեալ կատարած էին անմիջական դաշտային հետազօտութիւններ: Այս երեւոյթը անմիջականութիւն, առաւել շօշափելիութիւն եւ փաստացիութիւն հաղորդեց զըկոյցներուն, որոնք դարձան աւելի իմաստալից ու հակնալի, որով նիւթերը աւելիով ըմբռնուեցան բոլորին կողմէ ու ըստ այդմ արծարծուեցան, քննարկուեցան ու արէժեւորուեցան:
Միւս կողմէն, պատշաճ տեղ տրուած էր նաեւ քննարկումներուն, որով իմաստաւորուեցաւ ձեռնարկին գիտաժողով-աշխատաժողով ձեւաչափը: Քննարկումները եղան բաց ու ազատ, սրտցաւ ու գիտական եւ յատկանշուեցան նաեւ փոխհասկացողական ու բացառապէս շինիչ ոգիով:
Գիտաժողովը բացառիկ էր նաեւ իր առօրէական, անմիջական այժմէականութեամբ: Կազմակերպիչ համալսարաննհերը չէին վարանած քննարկման նիւթ դարձնել հայաշխարհի մերօրեայ կարեւորագոյն խնդիրներու իւրօրինակ մարտահրաւէրային առաջնակարգային հարցեր:
Հայկազեան Համալսարան