Haigazian University

Հայկազեան հայագիտական հանդէսի 45րդ հատորի երկու գիրքերուն շնորհանդէսը Երեւանի մէջ

Sep, 18
Հայկազեան հայագիտական հանդէսի  45րդ հատորի երկու գիրքերուն  շնորհանդէսը Երեւանի մէջ

Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2026ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հիմնարար գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան հայագիտական հանդէսի 45րդ հատորի զոյգ գիրքերուն շնորհանդէսը, ներկայութեամբ Գրադարանի տնօրէնութեան, աշխատակազմին, Հանդէսի մեծաթիւ աշխատակիցներու, բարեկամներու, հայագիտութեան մշակներու եւ մտաւորականներու:

Շնորհանդէսի բացումը կատարեց Հիմնարար գրադարանի տնօրէն տիկ. Մայա Գրիգորեանը, որ ուրախութիւն յայտնեց Հանդէսի շնորհանդէսին՝ Հիմնարար գրադարանին մէջ կայացման: Գրիգորեան բարձր գնահատեց Հանդէսը, միաժամանակ մեծ գոհունակութիւն յայտնեց գրադարանին եւ Հայկազեան համալսարանին միջեւ եղած գործակցութեան համար, նշելով որ այդ գործակցութիւնը փոխադարձ է, արդիւնաւէտ է եւ չի կրեր ձեւական բնոյթ: Ապա ան բեմ հրաւիրեց Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան ինստիտուտի երիտասարդ տնօրէն Համօ Սուքիասեանը:

Իր խօսքին մէջ, դոկտ. Սուքիասեան անդրադարձաւ Հանդէսին գրաւած կարեւոր տեղին ու ստանձնած էական դերին՝ հայագիտական ծիրին մէջ ու նշեց թէ 15 տարիներ առաջ ինք եւս աշխատակցած է Հանդէսին եւ յիշեց թէ ինչպէս այն ատեն զարմացած էր Հանդէսի խմբագրակազմին քաջալերական ու հոգածու վերաբերումէն: Ան մատնանշեց Հանդէսի իւրայատկութիւններէն միքանին՝ նիւթերու բազմազանութեան, այժմէականութեան, այլազանութեան եւ բազմակարծութեան առումներով, շեշտաւորեց Հանդէսի հրատարակչական հետեւողականութիւնը,  ու ակնարկելով 45րդ հատորի երկրորդ գիրքին մէջ տեղ գտած սփիւռքահայ գրականութեան նուիրուած հարցումներուն, Սուքիասեան ընդգծեց որ խմբագրակազմը դիմած է արհեստական իմացականութեան (artificial intelligence), բացատրելով թէ Հանդէսը ինչ տարողութեամբ կ’առնչուի ժամանակակից զարգացումներուն:

Ապա խօսք առաւ Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր փրոֆեսոր Անդրանիկ Տագէսեան, որ իմիջիայլոց շեշտեց Հանդէսի աւանդապահ եւ միաժամանակ այժմէական ընթացքը, նկարագրեց ստացուած ուսումնասիրութիւններու քննարկման գործընթացը, նշելով որ խմբագրակազմի անդամներու կողմէ իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան ընթերցումէն ետք կը մէկտեղուին դիտարկումները, թելադրանքներն ու առաջարկները եւ կը յղուին հեղինակին՝ առ ի նկատառում: Տագէսեան շեշտեց որ այս իրագործումը համատեղ աշխատանքի արդիւնք է եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք Հանդէսը իրականութիւն կը դարձնեն:

Հուսկ, խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ ի միջիայլոց ընդգծեց. «…Գիտութիւնը, ներառեալ հայագիտութիւնը, իր էութեամբ կը ձգտի ճշմարտութեան լոյսը տարածել, անցեալը աւելի լաւ հասկնալ եւ զայն փոխանցել ապագայի սերունդներուն։ Սակայն մենք նաեւ կը գրենք՝ վկայելու եւ զգալու համար, որ այսօր կենդանի ենք։ Որ հայ մշակոյթը միայն անցեալի ժառանգութիւն մը չէ, այլ կամուրջ է՝ անցեալով ներշնչուող, ներկայով ապրող եւ ապագայ ստեղծող իրականութիւն մը»:

Շնորհանդէսի աւարտին, ջերմ եւ գործնական խօսակցութիւն ծաւալեցաւ ներկաներուն միջեւ: